image

Իրաքի մէջ. Իրանեան հարուածին պատճառով 11 ամերիկացի զինուորներ վիրաւորուած են

Իրաքի մէջ. Իրանեան հարուածին պատճառով 11 ամերիկացի զինուորներ վիրաւորուած են

Ամերիկացի 11 զինուորական տուժած է Իրանի կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան զօրակայաններու հրթիռակոծման հետեւանքով։ Այս մասին կը յայտնէ Defense One-ը՝ յղում ընելով Փենթակոնի աղբիւրներուն։

Տուժածներն այս շաբաթ փոխադրուած են Քուէյթի եւ Գերմանիոյ Լանտշթուլ քաղաքը գտնուող ամերկեան ռազմական հիւանդանոցներ՝ գանկուղեղային վնասուածքներու բուժման եւ յետագայ հետազօտութեան նպատակով։

Իրանը հրթիռակոծած էր Իրաքի ամերիկեան ռազմակայանները 2 յունուարին՝ արձակելով մօտ 15 հրթիռ՝ ի պատասխան իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան։