image

Ծանր գիշեր մը Քարպալայի մէջ. Ցուցարարներ փորձած են այրել շիիթ «Պատըր» կուսակցութեան կեդրոնատեղին.Կան տասնեակ վիրաւորներ

Ծանր գիշեր մը Քարպալայի մէջ. Ցուցարարներ  փորձած են  այրել շիիթ «Պատըր»  կուսակցութեան կեդրոնատեղին.Կան տասնեակ  վիրաւորներ

Երէկ  գիշեր բախումներ գրանցուած են Իրաքի Քարպալլա քաղաքին  մէջ։ Այս  մասին տեղեկութիւնը  կը հաղորդէ «Ալ Արապիա»  կայանը։

Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, որ մոլեգնած ցուցարարներ յարձակած են Քարպալլա քաղաքի «Ալ Պատր» կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնին վրայ եւ փորձած են հրկիզել կեդրոնը։

Ապահովական մարմիններ փորձելով վերահսկել ընդհանուր իրավիճակը բախումի մէջ մտած  են  ցուցարարներուն հետ։

Նախնական  տուեալներով վիրաւորներուն թիւը հասած է  տասի։

Այս  առաւօտ զգուշաւոր  հանդարտութիւն  կը տիրէ   շիիթներու համար  կարեւոր սրբավայր համարուող  Քարպալլա  քաղաքին մէջ։

Յիշեցնենք, որ  Իրաքի մէջ գործող «Պատըր» կուսակցութիւնը շիիթ թեքում  ունեցող կուսակցութիւն է եւ այն հիմնուած է 1982 թուականին իրաքցի յայտնի գործիչ Պաքէր Ալ Հաքիմի ճիգերով, որ նաեւ կը համարուի Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին  դէմ  պայքարող գլխաւոր  կրօնական  առաջնորդներէն մին։