image

Հարիրի կը վերադառնա՞յ

Հարիրի կը վերադառնա՞յ

 Լիբանանի հրաժարեալ   վարչապետ  Սաատ Հարիրիի անունը  այսօր դարձեալ կրնայ հնչել, որպէս վարչապետի     գլխաւոր   եւ միակ թեկնածուի   յաւակնորդ։

 

 Այս մասին այսօր լուրեր   տարածած են     լիբանանեան  լրատուական ծառայութիւններ նշելով նաեւ, որ մինչեւ   այս  պահը  առկայ  բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ   երկրի երեսփոխանները,   որոնք նախագահական պալատ  պիտի բարձրանան            եւ նախագահ  Աունին հետ պիտի   տեսակցին պիտի նշեն Հարիրիի անունը, որպէս  վարչապետութեան գլխաւոր  եւ նոյնիսկ միակ թեկնածու։

 

  Կը նշուի նաեւ, որ Հարիրի, որ անցնող շաբաթներուն  անդրդուելի մնաց իր տեսակէտներուն վրայ      նպատակ դրած է   կազմել եւ գլխաւորել  մասնագէտներու  կառավարութիւն մը։

 

 

  Այս առումով ալ   յառաջիկայ  ժամերը աւելի քան  ճակատագրական  պիտի ըլլան  ու կարեւոր է   տեսնել, թէ լիբանանցի  ժողովուրդը, որ  երկու ամիսէ  ի վեր բողոքի  ցոյցերու կը մասնակցի,  ինչպէս  պիտի    արձագանգէ   Հարիրիի   վարչապետ  վերակոչուելու   խնդրին։