image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի մէջ դարձեալ ընտրութիւններ

Իսրայէլի մէջ դարձեալ ընտրութիւններ

Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) որոշած է երկրին մէջ 2020 թուականի 2 մարտին խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնել, որ մէկ տարուան ընթացքին պիտի դառնայ երրորդը, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը: 

Կը նշուի, որ խորհրդարանը որոշած է ընտրութիւններ իրականացնել, քանի որ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ անոր գլխաւոր մրցակից Պենի Կանցը չկրցան դաշնային նոր կառավարութիւն ստեղծել:

Քնեսեթի մէջ ընտրութիւններու օրը հաստատող օրէնքի օգտին քուէարկած են բոլոր ներկայ պատգամաւորները՝ 94 հոգի:

Յիշեցնենք, որ 17 սեպտեմբերին Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած են պատմութեան մէջ առաջին կրկնակի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Անոնց արդիւնքներով Պենի Կանցի «Կապոյտ եւ սպիտակ» կուսակցութիւնը ստացաած է մանտաթներու առաւելագոյն քանակը՝ 33: Երկրորդ տեղը զբաղցուցած է Նաթանիահուի «Լիքուտ» կուսակցութիւնը՝ 32 մանտաթ։ Կուսակցութիւններէն ոչ մէկը կրցած է մեծամասնութիւն ձեւաւորել: