image
Հրատապ լուրեր:

Մահացու հրաձգութիւն Ֆլորիտայի մէկ զօրակայանին մէջ. Կան զոհեր

Մահացու հրաձգութիւն Ֆլորիտայի մէկ զօրակայանին մէջ. Կան զոհեր

Ֆլորիտայի ԱՄՆ Ռազմածովային ուժերու Փենսաքոլա օդուժի զօրակայանի տարածքին մէջ մահացու հրաձգութենէ ետք զօրակայանի մերձակայքը կալանաւորուած է 6 սէուտցի, կը յայտնէ Fox News-ը:

Կասկածեալները հարցաքննուած են, յայտնած է աղբիւրը:

Վերջին տեղեկութիւններով՝ հրաձգութեան հետեւանքով զոհուած է 3 մարդ, ինքը՝ կրակողը ինքնասպան եղած է:
Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն, որ այս գործով քննութիւն կը կատարէ, հրաժարած է քննութեան վաղ փուլին հրապարակել կասկածեալներու անունները, սակայն պաշտօնական աղբիւրը հեռուստաալիքին յայտնած է, որ հրաձիգը Սէուտական Արաբիայէն օդագնացութեան ուսանող Մոհամմէտ Սաիտ Ալշամրանին էր:

Տեղի ունեցածը ԱՄՆ բարձրաստիճան անձանց ստիպած է զօրակայանին մէջ անվտանգութեան միջոցառումներու եւ զինուորականներու ընդունման պայմաններու աւելի խոր ուսումնասիրման կոչ ընել:

Հեռուստաալիքի աղբիւրները յայտնած են, որ հրաձգութիւնը տեղի ունեցած է լսարանին մէջ, ուր սովորաբար ուսանողները ծրագրի շրջագիծէն ներս կ'անցընեն առաջին 3 ամիսները, եւ նշած է, որ հրաձիգը վերջերս ընդունուած է դասընթացներուն: