Թեհրանը մտադիր չէ դուրս գալ միջուկային գործարքէն: «Ռիա Նովոսթի»ի փոխանցմամբ՝ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Ապպաս Արաքչին՝ Ճափոնի ԱԳ նախարար Թոսիմիցու Մոթեքիի հետ հանդիպման ժամանակ:
Վերջինս աւելցուցած է, որ, երբ չեղարկուին Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները եւ երկիրը կարենայ օգտուիլ միջուկային գործարքով սահմանուող առաւելութիւններէն, Թեհրանը կը վերադառնայ այն դրոյթներու իրագործման, որոնցմէ հրաժարած է: