image

Կիրքերը չեն հանդարտիր Թիֆլիսի մէջ. Ոստիկանութիւնը ջուր ցանելով վտարած է ցուցարարները

Կիրքերը չեն հանդարտիր Թիֆլիսի մէջ. Ոստիկանութիւնը ջուր ցանելով վտարած է ցուցարարները

Ոստիկանական յատուկ ջոկատը ցրած է ընդդիմութեան նստացոյցը Վրաստանի խորհրդարանի մօտ, կը տեղեկացնէ «Նովոսթի-Կրուզիա»ն։

Հարիւրաւոր ոստիկաններ վահաններով, յատուկ հանդերձանքով եւ մահակներով շրջապատած են Վրաստանի խորհրդարանի շէնքը պարագծով եւ ժամը 17.00-ին սկսած են ցրել ընդդիմութեան ցոյցը։

Ոստիկանութիւնն օգտագործած է անոնց դէմ ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ։ Ի տարբերութիւն 20 յունիսի բողոքի ցոյցին՝ ոստիկանութիւնն այս անգամ ռետինէ փամփուշտներ չէ օգտագործած։ Առաւել աշխոյժ քաղաքացիական աքթիւիսթներուն ոստիկանութիւնը դուրս հանած է տարածքէն։ Ցուցարարները պոռացած են՝ «Ստրուկներ», «բռնատիրութիւն» եւ «Խայտառակութիւն»։

Արդէն ժամը 17:20-ին ոստիկանութիւնը յաջողած է ցրել ցուցարարները խորհրդարանի բոլոր մուտքերու մօտէն։

Ցուցարարներու ցրումը ոստիկանութիւնը շարունակած է նաեւ խորհրդարանի մօտի տարածքէն։ 

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր «Միասնական ազգային շարժում» եւ «Եւրոպական Վրաստան» կուսակցութիւններու առաջնորդները յայտարարած են, որ բողոքները պիտի շարունակուին։ Անոնց մեկնաբանութիւններու ընդհանուր իմաստը հետեւեալն է. միայն ոստիկանութեան վրայ յոյսը դնող իշխանութիւնը դատապարտուած է։

ԶԼՄ-ներու տուեալներով՝ ցուցարարները ցրելու ժամանակ քանի մը մարդ վնասուածքներ ստացած է։ Անոնց ցուցաբերուած է բուժօգնութիւն: