image

Իրանեան տարբեր քաղաքներու մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի.Կան զոհեր

Իրանեան   տարբեր  քաղաքներու մէջ լարուած  իրավիճակը  կը շարունակուի.Կան զոհեր

 Նաւթի  սակագնի   սղաճին հետեւանքով Իրանի  տասնեակ  քաղաքներուն մէջ  ընթացք  առած    բողոքի    ցոյցերը  կը շարունակուին։

 

 Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Արապիա»  կայանը   նշելով նաեւ, որ  յատկապէս Շահրաիար եւ Քարժ  քաղաքներուն մէջ եղած     բախումներուն   հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 40-ի։

 Կը նշուի նաեւ, որ  յատակպէս Շահրաիար  քաղաքին մէջ ցուցարարները, որոնք բախումի բռնուած են      իրանեան մասնայատուկ ուժերուն ՝  «Պասիժ»ին    հետ     հրկիզած  են կրօնական մի քանի կեդրոններ։

 

 

 Երկրի  ողջ  տարածքով  մինչեւ այս լուրին խմբագրուիլը համացանցը կը մնայ  անջատուած,իսկ կառավարութեան  աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ իշխանութիւնը  վճռած է        որդեգրել   նաւթի թանկացնելու օրինագիծը։