image

Պայթում Սուրիոյ «Ալ Պապ» քաղաքին մէջ. Կան զոհեր

Պայթում Սուրիոյ «Ալ Պապ» քաղաքին մէջ. Կան  զոհեր

Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի մօտակայքը գտնուող ալ-Պապ քաղաքին մէջ պայթում որոտացած է, ինչի հետեւանքով առնուազն 18 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, եւս 27-ը տուժած են: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ յղում ընելով թրքական աղբիւրին:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի վաղ իր թուիթըրեան էջին յայտնած էր 10 զոհի եւ 15 տուժածի մասին: Գերատեսչութեան տուեալներով՝ ականապատ մեքենայի պայթումը տեղի ունեցած է հանրակառքերու կայարանի մօտ: Նախարարութիւնը պնդած է, որ պայթումը կազմակերպած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամները:

Ինչպէս կը յայտնէ աղբիւրը, Ալ-Պապը 2016-ին իրականացուած «Եփրատի վահան» թրքական ռազմարշաւի հետեւանքով «ամբողջութեամբ ազատագրուած էր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկիչներէն»: