image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ասատ Սուրիոյ պատերազմը նմանցուցած է համաշխարհային երրորդ պատերազմի

Նախագահ Ասատ Սուրիոյ պատերազմը նմանցուցած է համաշխարհային երրորդ պատերազմի

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ RT հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ բախումները երրորդ համաշխարհային պատերազմի փոքր մոտելն է, որ առաջացած է մասնաւորապէս նաւթի պատճառով:

Սուրիոյ նախագահը կը կարծէ, որ ԱՄՆ-ն պատերազմի մէջ կը գտնուի մնացեալ աշխարհի հետ: Ասատի խօսքով՝ այն ժամանակ, երբ նախկին աշխարհամակարգը ինքզինք սպառած է եւ միաբեւեռ աշխարհի մոտելը այլեւս չի գործեր, ԱՄՆ-ն ոչ մէկուն իրեն գործընկեր կը համարէ, նոյնիսկ Ֆրանսային եւ Մեծ Բրիտանիոյ:

«Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը երրորդ համաշխարհայինի փոքր մոտելն է: Անոր պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ, եւ նաւթը անոնցմէ միայն մէկն է: Ես չեմ կարծեր, որ պատերազմը սկսած է միայն նաւթի պատճառով»,- յայտարարած է Ասատը:

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ զինուած բախումը կը շարունակուի 2011 թուականէն: Երկրին մէջ իրավիճակի կայունացման երաշխաւորներ դարձած են Ռուսաստանը, Իրանը եւ Թուրքիան: 2017 թուականի վերջերը յայտարարուած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման նկատմամբ տարած յաղթանակի մասին, սակայն Սուրիոյ մէջ կան վայրեր, ուր կը շարունակուին ահաբեկիչներէն տարածքը մաքրելու աշխատանքները: