image

Պայթումներ Գամիշլիի մէջ. Կան զոհեր

Պայթումներ  Գամիշլիի մէջ. Կան զոհեր

Այսօր պայթումներ եղած են Գամիշլիի մէջ։  Այս մասին        տեղեկութիւնը կը հաղորդէ  «Սփութնիք»  ծառայութեան արաբական    բաժինը։ Ըստ աղբիւրին պայթումներէն  երկուքը  եղած են  «Ալ Ուահտա»  թաղամասին  մէջ,  իսկ  պայթումներէն մին քաղաքի  կեդրոնական հատուածին մէջ։

Կը  նշուի նաեւ, որ  նախնական  տուեալներու համաձայն,  պայթումներուն  հետեւանքով  զոհուած են   8   անձեր, կան վիրաւորներ: