image

Վաղը կարեւոր օր. Ցուցարարներ պիտի փորձեն խափանել Խորհրդարանի նիստը

Վաղը    կարեւոր օր. Ցուցարարներ պիտի փորձեն   խափանել  Խորհրդարանի նիստը

Լիբանանի մէջ երեք շաբաթէ ի վեր շարունակուող բողոքի ալիքը վաղը կրնայ  դարձեալ բորբոքիլ։ 

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը, յայտնելով, որ մինչ երկրի երեսփոխանները կը պատրաստուին Պէյրութի կեդրոնական «Ալ Նըժմէ» հրապարակին մօտ գտնուող խորհրդարանի շէնք հասնիլ, անդին ցուցարարներ մեծ ճիգ պիտի գործադրեն խափանելու համար խորհրդարանի  օրէնսդրական նիստը։ 

Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  բողոքարարները պիտի փորձեն դէպի Պէյրութի կեդրոնական շրջաններ տանող գլխաւոր ճանապարհները փակել եւ այդ մէկը պիտի կատարեն նախքան արեւածագը։ 

Ցուցարարներուն մօտիկ կանգնած աղբիւր մը նշած է, որ  վաղը  կարեւոր  օր պիտի ըլլայ եւ անոնց համար խորհրդարանի  նիստին խափանումը  «մահ ու կենաց» խնդիր է։ 

Նշենք,որ բողոքի ցոյցերու ելած լիբանանցիները կը պահանջեն արագօրէն կազմել անկախ-մասնագէտներու՝ «Թեքնոքրաթ» կառավարութիւն մը։