Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՆԱԹՕ-ի մասին խօսելու ժամանակ յայտարարած է, որ դաշինքի «ուղեղը մահացած է»:
Ինչպէս կը փոխանցէ BBC News-ը, Մաքրոնի խօսքով՝ ատոր պատճառը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր երաշխաւորի՝ ԱՄՆ-ի հաւատարմութեան թուլացումն է։
The Economist-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ֆրանսացի առաջնորդը ընդգծած է ԱՄՆ-ի ձախողումը ՆԱԹՕ-ի հետ բանակցելու առնչութեամբ՝ նախքան Սուրիոյ հիւսիսէն զօրքերու դուրսբերումը: Ան հարցականի տակ դրած է ՆԱԹՕ-ի հաւատարմութիւնը հաւաքական անվտանգութեան։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլն արձագանգած է՝ նշելով՝ համաձայն չէ Մաքրոնի «այդ կտրուկ խօսքերուն»։
ՆԱԹՕ-ն, որ յաջորդ ամիս Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովի մէջ պիտի նշէ կազմաւորման 70 ամեակը, եւս արձագանգած է՝ յայտարարելով, որ կառոյցը կը շարունակէ հզօր մնալ։