image

Դամասկոս. Ականի պայթում բանակի սպաներու թաղամասին մէջ. Կան վիրաւորներ

Դամասկոս. Ականի պայթում բանակի սպաներու թաղամասին մէջ. Կան վիրաւորներ

Ականի պայթում մը գրանցուած է Դամասկոսի մէջ, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած են վիրաւորներ։

Այս մասին լուրը գրած է Դամասկոսցի լրագրող՝ Նապիլ Քատտուր, որ դէպքին մասին իր  էջին  տեղադրած է  լուսանկար մը։ 

Իր կարգին Russia Today կայանը հաղորդած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է Դամասկոսի Քատսիյա արուարձանին մէջ, որ յայտնի է սուրիական բանակի սպաներու բնակարաններու իր համալիրով։

Աղբիւրը սակայն չէ յստակացուցած ականին գոյութեան վայրը։

Մինչ աղբիւրներ կը խօսին ականին բանակայիններու փոխադրակառքի մը մէջ տեղադրուած ըլլալուն մասին, անդին այլ կողմեր ակնարկած են, որ ականը  տեղադրուած է ճամբեզրին։

Վիրաւորներու թիւին մասին մինչեւ այս պահը յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։