image

«Սուրիոյ հայերը մեր երկրի հաւատարիմ քաղաքացիներն են». Նախագահ Պաշշար Ասատ (Վիտէօ)

«Սուրիոյ   հայերը   մեր երկրի  հաւատարիմ քաղաքացիներն են».  Նախագահ Պաշշար Ասատ (Վիտէօ)

Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար  Ասատ  որ  համապարփակ  հարցազրոյց   մը տուած է Սուրիոյ պետական  հեռատեսիլի  կայանին,    խօսած է   երկրին  առջեւ   ծառացած   տարբեր խնդիրներուն մասին։ 

Ան նաեւ անդրադարձած է,  Սուրիայի տարբեր ազգութիւններու եւ ժողովուրդներուն  մասին՝ դրուատական խօսքեր   ուղղելով մասնաւորապէս  Սուրիոյ հայերուն։ 

Նախագահ  Ասատ   մասնաւորապէս նշած է, որ  Սուրիոյ  հայութիւնը      սուրիական հայրենիքին ամէնէն  յարգուած  բաղկացուցիչներէն է ,  եւ հայութիւնը  տարբեր  առիթներով ցոյց   տուած  է իր  հաւատարմութիւնն ու ազգային   անաղարտ նկարագիրը։ 

Ասատ  մասնաւորապէս  ըսած է ՝

«Հայերը  ազգային գիտակցութիւն ունեցող     ժողովուրդ են։ Անոնք   ստեղծած  են  իւրայատուկ համայնք, ունին   տարբեր միութիւններ եւ  կազմակերպութիւններ,  պահած են իրենց  ազգային աւանդութիւնները եւ եկեղեցիները  եւ իւրայատուկն այն է, որ   ունին  իրենց  ազգային  դիմագիծը պահպանող դպրոցները։   Տարբեր առիթներով ներկայ եղած եմ  հայ հայրենակիցներու  պսակներուն  կամ միջոցառումներուն  ու նկատած  եմ,  եւ այլոց վկայութեամբ ալ լսած եմ, որ      մեր հայրենակիցները  իրենց  հայերէն երգերը  երգելէ  ետք    կ՚երգեն նաեւ մեր երկրի   ազգային երգերը։   

 

Անոնք իւրայատուկ  են  որովհետեւ       կարողացան  ընդելուզուիլ մեր  մեծ հասարակութեան մէջ ու  պահպանել իրենց   առանձնայատկութիւնները  ու այդկերպ հարստացնել  մեր երկիրը։  Տեղին կը համարեմ  ըսել,  որ  Սուրիոյ պատերազմի   ամբողջ ընթացքին նուիրական   հայերը   փաստեցին,  որ    լիարժէք   սուրիացիներ  են  եւ    մեր

երկրի հաւատարիմ  քաղաքացիներն    են։ 

Ես չեմ  ուզեր  համեմատութիւններ  կատարել, բայց իրականութիւնն այն է, որ հայերը ի տարբերութիւն  այլոց, որոնք  նոյնպէս բաղակացուցիչն  են այս  երկրին    երբեք  չուզեցին   առանձինն երկիր մը ստեղծել.  Իսկ անոնք , որ  արտաքին աժանտաներ ունին  եւ կը փորձեն  իրենց      չափերուն  համեմատ       անկախ  տարածքներու մասին խօսիլ   մեր հայրենիքի  մասնատման կը ծառայեն:  Օրինակ     մեր  երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնք  կը գովազդեն    Սուրիոյ մէջ   Քիւրտիստան մը   կերտելու մասին ու այս մէկն անշուշտ մեզի համար անընդունելի է եւ մենք  պիտի պայքարինք   ատոր դէմ։

 

Չմոռնանք, որ   մեզի համար  մեծ  հարստութիւն է բազմազանութիւնը. Բազմազանութիւնը հարստութիւն է  իսկ  բաժանման   բոլոր տեսակի   փորձերը անընդունելի են»։