image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան ուժեր դէպի Ուրֆա

Ամերիկեան  ուժեր  դէպի   Ուրֆա

  Սուրիա Թուրքիա սահմանին վրայ համատեղ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու նպատակով ամերիկեան ստորաբաժանումները մեկնած են Ուրֆա քաղաք:

  Թրքական Cumhuriyet-ը  կը հաղորդէ, որ  5–էն 7 օգոստոսին տեղի ունեցած թուրք ամերիկեան բանակցութիւններու հետեւանքով ձեռք բերուած պայմանագրութեան  համաձայն, Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաքի մէջ համատեղ կառավարման կեդրոն ստեղծուած է ։Նշուած է, որ արդէն Ուրֆա մեկնած են ամերիկեան ստորաբաժանումները, որոնք թրքական զինուժի հետ համատեղ Սուրիոյ մէջ  անվտանգութեան գօտի պիտի ստեղծեն։

 

Յիշեցնենք, որ անցնող  օրերուն  ամերիկացի   պատասխանատուներ, իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն  հետ   դռնփակ ժողովներ   գումարած էին Անքարայի մէջ եւ  ժողովներու  աւարտին  երկու կողմները    յայտարարած էին   գաղտնի  համաձայնութեան  մը մասին, որու  շնորհիւ     կարելի պիտի ըլլար լուծել   Սուրիա-Թուրքիա   սահմանային հատուածին վրայ  «ապահովական  գօտի»   հիմնելու   հարցը։