image

Մոսկուայի մէջ բազմահազարանոց ցոյցեր տեղի ունեցան (Լուսանկարներ)

Մոսկուայի  մէջ  բազմահազարանոց ցոյցեր  տեղի  ունեցան (Լուսանկարներ)

Մոսկուայի մէջ բազմահազար հանրահաւաք տեղի ունեցած է՝ յաջակցութիւն չգրանցուած թեկնածուներու, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ Մոսկուայի քաղաքային տումայի ընտրութիւններուն:


Ինչպէս կը փոխանցէ РБК-ն, հանրահաւաքին մասնակցած են ընտրութիւններուն մասնակցելու թոյլտւութիւն չստացած թեկնածուները, եւ անոնց աջակիցները: 

Կազմակերպութիւններէն մէկուն տուեալներով՝ տեղի ժամանակով 15:50-ի (երեւանեան 16:50) դրութեամբ հաւաքի մասնակիցներու թիւը կազմած է 22 400 մարդ:

Հանրահաւաքի կազմակերպիչը Ռուսաստանի Լիպերթարիան կուսակցութիւնն է, որու նպատակն է աջակցիլ թեկնածուներուն, որոնց մերժած են գրանցել: Այդ մասնակիցներէն շատերը մասնակցած են հաւաքին եւ ելոյթով հանդէս եկած մասնակիցներու առաջ: 


Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձած էր, որ անկախ թեկնածուներու մեծամասնութիւնը մերժում ստացած է ընտրութիւններուն մասնակցելու գրանցման ժամանակ: Մոսկուայի քաղաքային ընտրական յանձնաժողովի ղեկավարի խօսքով՝ պատճառը հաւաքուած ստորագրութիւններուն մէջ յայտնաբերուած կեղծիքն է՝ գոյութոիւն չունեցող եւ մահացած մարդոց ստորագրութիւնները:


'