image

Միջադէպ Հորմոզի նեղուցին մէջ. Իրանեան լաստանաւեր փորձած են կանգնեցնել բրիտանական նաւթատար նաւ մը

Միջադէպ Հորմոզի նեղուցին մէջ. Իրանեան լաստանաւեր փորձած են կանգնեցնել բրիտանական  նաւթատար նաւ մը

Հորմուզի նեղուցին մէջ 5 զինուած իրանական նաւ փորձած է կանգնեցնել բրիտանական նաւթատար նաւը, կը հաղորդէ CNN հեռուստաալիքը՝ աղբիւրի յղումով:

Աղբիւրի համաձայն՝ բրիտանական նաւը իրանական կողմէն յարձակման ենթարկուած է այն ժամանակ, երբ դուրս եկած է Պարսից ծոցէն եւ ուղեւորուած դէպի Հորմուզի նեղուց:

Նախնական տուեալներով՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակախումբի անդամները հետապնդելով հասած են նաւին եւ հրամայած են փոխել ուղղութիւնը: Անոր ի պատասխան բրիտանական կողմը պահանջած է, որ իրանական ուժերը չխանգարեն իրենց, բանաւոր նախազգուշացում հնչեցուցած է իրանական նաւերու ուղղութեամբ զէնք ցուցադրած:

Հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ ամերիկեան կողմը ունի միջադէպի տեսագրութիւնը: Այն նկարուած է այդ պահուն նեղուցի վրայով թռչող օդանաւէն:

Մեծն Բրիտանիոյ պաշտօնատար անձինք հաստատած են, որ իրենց բեռնատար նաւը այդ շրջանին մէջ գտնուած է, «ծովին մէջ անվտանգութեան ապահովման» դեր կատարելու պարտականութեամբ:

ԱՄՆ-ն յայտարարած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շտապ արձագանգէ իրանական նաւերու գործողութիւններուն, այս մասին յայտնած է ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութեան մամուլի ծառայութեան ներկայացուցիչ Պիլ Ուրպանը: Անոր խօսքով՝ իրանական կողմը սպառնալիք  կը ստեղծէ նաւագնացութեան համար, ինչպէս նաեւ կը սկսի ազդել համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, հետեւաբար «հարկաւոր է միջոցներ ձեռնարկել անոր դէմ»: