image
Հրատապ լուրեր:

Ասանժին հոգեբան այցելած է

Ասանժին հոգեբան այցելած է

Բրիտանական բանտին մէջ կալանաւորուած WikiLeaks կայքի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժին այցելած են հոգեբանն ու հոգեբուժը: Ինչպէս կը փոխանցէ Gazeta.ru-ն, այս մասին յայտնած է WikiLeaks-ի գլխաւոր խմբագիր Քրիսթին Հրաֆնսընը:

Անոր խօսքով՝ բժիշկները զննած են Ասանժը, քանի որ մինչ այդ ան 7 տարի ապրած է առանց բուժօգնութիւն ստանալու, ու այդ ազդած է իր առողջութեան վրայ:

«Էքուատորի դեսպանատան մէջ 7-ամեայ բնակութիւնը առանց բուժծառայութեան հասանելիութեան, ի հարկէ, ազդեցութիւն թողած է անոր առողջութեան վրայ», - ըսած է Հրաֆնսընը:

Ան նշած է, որ Ասանժին այցելած է մէկ ամիս առաջ: Խմբագիրը աւելցուցած է, որ Ասանժը շատ լաւ կը հասկնայ, որ իրեն երկարատեւ պայքար կը սպասէ, եւ ան մշակած է իր պաշտպանութեան գիծը: