image

Արտակարգ դէպք Ճիլին գաւառակին մէջ. Ահաբեկիչները յարձակած են բանակի զօրակայանին վրայ

Արտակարգ դէպք Ճիլին  գաւառակին  մէջ. Ահաբեկիչները յարձակած են բանակի  զօրակայանին վրայ

Սուրիոյ հարաւը կառավարական բանակին յանձնուած զինուած խմբաւորման նախկին անդամները յարձակած են Ճիլին բնակավայրի (Դամասկոսէն 110 քմ հեռաւորութեան վրայ) ռազմակայանին վրայ, այս մասին կը յայտնէ Al Masdar-ը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են ռազմակայանը եւ շտապը` գերեւարելով խումբ մը սպաներ: Գերիներու յստակ թիւը չի հաղորդուիր:

Կը նշուի, որ զինեալները պահանջած են, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները գերիները յանձնելու դիմաց ազատ արձակեն իրենց նախկին հրամանատար Հայսամ Ալ-Հարիրին, որ ձերբակալուած էր բանակի հետախուզութեան կողմէ:

Սուրիական զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը դեռ չէ մեկնաբանած Ճիլինի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը: