image
Հրատապ լուրեր:

Սրի Լանքայի սպանդ. Զոհերուն թիւը անցաւ 300-ը (Լուսանկարներ)

Սրի Լանքայի սպանդ. Զոհերուն թիւը անցաւ 300-ը (Լուսանկարներ)

21 Ապրիլին Սրի Լանքայի մէջ որոտացած 8 պայթումներու հետեւանքով զոհերու թիւը 310-ի հասած է, եւս 480-ը վիրաւոր են, կը գրէ The Guardian-ը:


Սրի Լանքայի իշխանութիւնները ողբերգութեան առնչութեամբ 23 ապրիլը սուգի օր յայտարարած են՝ խնդրելով բնակիչներէն տուներուն մօտ սպիտակ դրօշներ կախել: Տեղի ժամանակով ժամը 8:30-ի սահմաններուն կղզային պետութեան բնակիչները 3 վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերու յիշատակը, այնուհետեւ սկսած է զոհերու զանգուածային յուղարկաւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի՝ Սուրբ Յարութեան օրը, Սրի Լանքայի եկեղեցիներուն եւ հիւրանոցներուն մէջ ընդհանուր առմամբ 8 պայթում որոտացած էր: Յարձակման գլխաւոր թիրախը տեղի քրիստոնեաները եղած են: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է շուրջ 30 կասկածեալ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սրի Լանքայի անվտանգութեան ծառայութիւնը պայթումներէն առնուազն 10 օր առաջ զգուշացուած է ծրագրուող յարձակման մասին, սակայն ոչինչ ձեռնարկած է, մինչ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները յայտնած են, որ իրենք տեղեակ չեն զգուշացումներու մասին: