image

Ամօթ արաբական երկիրներուն. Պաղեստինցի լրագրող Ապտ Ալ-Պարի Աթուան իր ցասումը կը յայտնէ

Ամօթ արաբական երկիրներուն. Պաղեստինցի լրագրող Ապտ Ալ-Պարի Աթուան իր ցասումը կը յայտնէ

Պաղեստինցի հանրաճանաչ լրագրող Ապտ Ալ-Պարի Աթուան յօդուած մը հրապարակած է Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական եւ յատկապէս վառելանիւթի տագնապին վերաբերեալ:

Ապտ Ալ-Պարի Աթուան ամօթանք տուած է արաբական պետութիւններուն, նշելով որ «Մինչ անոնք կը լողան պենզինի եւ նաւթի մէջ, անդին սուրիացի քաղաքացին չի կրնար իր սովորական պէտքերը հոգալ կամ մէկ ինքնաշարժի վառելանիւթի պահանջքները բաւարարել»:

Լրագրողը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ «այս իրավիճակը երկար այսպէս պիտի չմնայ եւ Սուրիան անպայման յաղթական դուրս պիտի գայ այս ծանր տագնապէն»: