image
Հրատապ լուրեր:

Արկածահար օդանաւը մեծ արագութեան մէջ էր

Արկածահար օդանաւը մեծ արագութեան մէջ էր

«Եթովպիական թռիչքուղիներ»-ու Boeing 737 MAX 8 օդանաւի հրամանատարը թռիչքէն 3 վայրկեան անց Ատիս-Ապապայի օդակայան վերադառնալու թոյլտւութիւն խնդրած է, քանի որ օդանաւը շատ մեծ արագութիւն զարգացուցած է: Այդ մասին կը յայտնէ The New York Times-ը:

Ըստ աղբիւրի` օդանաւի հրամանատարը թռիչքէն մէկ վայրկեան անց հանգիստ ձայնով յայտնած է, որ խնդիրներ առաջացած են «թռիչքի կառավարման» հետ: Երկու վայրկեան անց նկատուած է, որ օդանաւը անսովոր կը շարժի, անոր արագութիւնը պէտք եղածէն աւելին է: Երեք վայրկեան անց հրամանատարը վերադառնալու թոյլտւութիւն խնդրած է, իսկ անոր ձայնը վկայած է, որ ան խուճապի մէջ է:

Մինչ օդակայանի ղեկավարութիւնը թոյլատրած է օդանաւին ետ վերդառնալ օդակայան, օդանաւը կտրուկ աջ թեքուած է եւ անհետացած է ռատարներու տեսադաշտէն: