image

Միջին Արեւելքի մէջ արիւնահեղութեան պատճառը նաւթն է. Պուսայնա Շաապան ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց Մոսկուայի մէջ

Միջին Արեւելքի մէջ արիւնահեղութեան պատճառը նաւթն է. Պուսայնա Շաապան ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց Մոսկուայի մէջ

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան, որ կը մասնակցի Միջազգային երկխօսութեան «Վալտայ»ի համաժողովին, ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է:

Շաապան ըսած է, որ «Այսօր աշխարհը շատ լաւ կը գիտակցի, որ արեւմտեան մամուլը կը շարունակէ կեղծ տեղեկութիւններ հաղորդել Սուրիոյ մասին, փորձելով ստեղծել հանրային կարծիք մը»:

Շաապան նաեւ նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, երկարաձգելու համար Սուրիոյ պատերազմը:

Սուրիոյ նախագահի խորհրդականը նաեւ նկատել տուած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացները եւ պատերազմները կապ ունին այդ շրջաններուն մէջ առկայ նաւթի եւ հարստութիւններու հետ:

Ան նաեւ ծանր քննադատութիւններ յղած է Իսրայէլին, նկատելով, որ այդ երկիրը կը սատարէ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներու երկարաձգման, ինչպէս նաեւ նոր պատերազմներու շղթայազերծման: