image
Հրատապ լուրեր:

«Տահէշ» խմբաւորման գլխաւոր առաջնորդ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատին ողջ է

«Տահէշ» խմբաւորման գլխաւոր առաջնորդ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատին ողջ է

Ռուսական RT ծառայութեան փոխանցմամբ, «Իսլամական պետութեան» գլխաւոր առաջնորդ համարուող Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատին ողջ առողջ է:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող շաբաթներուն Պաղտատի տեսնուած է Սուրիա-Իրաք սահմանային հատուածներուն մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ ի տարբերութիւն անցեալ շրջանին, Պաղտատի իր վրայէն հանած է իսլամական սեւ շորերերը: Ըստ նոյն աղբիւրին Պաղտատի այդ շրջաններուն մէջ երեւելի կը դառնայ յաճախ եւ անոր կ'ընկերակցին տասնեակ թիկնապահներ:

Յիշեցնենք, որ «Իսլամական պետութեան» հիմնումէն անմիջապէս ետք Պաղտատի հրապարակ ելաւ եւ յայտարարեց, որ ինքն է գլխաւոր «Խալիֆան» այդ ահաբեկչական խմբաւորման: