image

Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարարը կը վստահեցնէ. Մենք չենք պատրաստուիր գործել ի վնաս մեր քաղաքացիներուն

Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարարը կը վստահեցնէ. Մենք չենք պատրաստուիր գործել ի վնաս մեր քաղաքացիներուն

Սուրիոյ ելեկտրականութեան եւ ջերմուժի նախարար Մուհամմատ Զուհէր Ալ-Խարպութի երէկ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց: Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ Լիբանանին ելեկտրականութիւն տալու շրջանառուող խօսակցութիւններուն մասին, նշելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը չի պատրաստուիր գործել ի վնաս իր քաղաքացիներուն:

Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ելեկտրական հոսանքի անջատումները նուազած են եւ կառավարութիւնը կը շարունակէ մեծ ճիգեր գործադրել իրավիճակի բնականոնեցման համար:

Խարպութի նաեւ նշեց, որ նոյն առումով, Սուրիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ կերպ կը գործակցի Յորդանանին հետ՝ ելեկտրականութիւն ծախելու կամ գնելու թեմաներուն կապակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ լիբանանեան մէկէ աւելի աղբիւրներ անցնող օրերուն յայտարարութիւններ կատարած էին այն մասին, որ Լիբանան կը պատրաստուի ելեկտրականութիւն գնել Սուրիայէն, բայց Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչին այդ յայտարարութիւնները կու գան հերքելու այդ տիպի բոլոր տեսակի խօսակցութիւնները: