image

«Աստուած քեզի ողորմէ». Խաշըքճիի նշանածին ազդեցիկ թուիթը

«Աստուած քեզի ողորմէ». Խաշըքճիի նշանածին ազդեցիկ թուիթը

Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի նշանածը Խատիճա Ճանկիզ սրտառուչ թուիթ մը կատարած է եւ գրառած ՝ «Աստուած քեզի ողորմէ»:

Խատիճա այսպիսով յայտնած կ'ըլլայ, որ պարզ է իր նշանածին ճակատագիրը եւ թէ լրագրողը սպաննուած է Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէն ետք:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը երէկ նոյնպէս շարունակեց որոնումները եւ վերջին տեղեկատուութեանց համաձայն Խաշըքճի սպաննուած է հիւպատոսարանին մէջ եւ անոր դիակը տարուած է հիւպատոսարանէն հեռու շրջան մը:

Սէուտցի 55 տարեկան լրագրողը երկար տարիներէ ի վեր կը գրէր «Ալ Հայաթ» պարբերականին մէջ, իսկ մէկ տարիէ ի վեր կ'աշխատակցէր ամերիկեան «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթին: