image

Պատճառը Իսրայէլի անբարոյական քաղաքականութիւնն է. Նախագահ Ասատ

Պատճառը Իսրայէլի անբարոյական քաղաքականութիւնն է. Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ  ցաւակցական հեռագիր մը յղած  է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Լաթաքիոյ վերեւ տեղի ունեցած ծանր դէպքին վերաբերեալ:

Հեռագրին մէջ Ասատ մասնաւորապէս նշած է, որ Սուրիոյ մէջ իրենց մարդկային բարձր եւ վսեմ պարտականութիւնը կատարող ռուս զինուորները Սուրիոյ համար նահատակներ են: Ան նաեւ նշած է, որ տեղի ունեցած դէպքը արդիւնք է Իսրայէլի անբարոյ վարքագիծին, որ վերջին շրջանին սկսած է դառնալ յաճախակի:

Ասատի խօսքով Իսրայէլ առաջին անգամը չէ որ նման արարքներով հանդէս կու գայ եւ կը փորձէ ամենաստոր միջոցները ծառայեցնել յանուն իր դարանակալ ծրագիրներուն:

Խօսքի աւարտին Ասատ նաեւ իր ցաւակցական խօսքը յղած է ամբողջ Ռուսիոյ բարեկամ ժողովուրդին, նշելով, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս Ռուսաստան կը հանդիսանայ Սուրիոյ գլխաւոր դաշնակիցը:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Լաթաքիոյ երկինքին վերեւ սուրիական հակաօդային խարիսխներու կողմէ սխալմամբ արձակուած հրթիռնրեու հետեւանքով վար առնուած էր ռուսական հետախուզական «ԻԼ-20» օդանաւը, որուն մէջ կային ռուս 14 զինուորներ:

Օդանաւը շատ հաւանաբար ինկած  էր Միջերկրականի ջուրերուն մէջ եւ անոր 14 զիուորականներէ բաղկացած անձնակազմը ամբողջութեամբ զոհուած էր: