image

Թրքական լիրայի տագնապը հասաւ Լիբանան. Սիւննի վաճառականներ կը զօրակցին թրքական պետութեան

Թրքական լիրայի տագնապը հասաւ Լիբանան. Սիւննի վաճառականներ կը զօրակցին թրքական պետութեան

Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը շնորհակալութեան խօսք ուղղած է լիբանանցի ժողովուրդին, որ իր աջակցութիւնը բերաւ թրքական լիրայի սատարման գործին, յաղթահարելու համար «միջազգային ուժերու կողմէ յայտարարուած տնտեսական պատերազմ»ի պայմանները, կը յայտնէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: 


Դեսպանութիւնը առանձնապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Պէյրութի, Թրիփոլիի, Սայտայի եւ Լիբանանի ամբողջ տարածքի բնակչութեան, որոնք իրենց եղբայրական մօտեցումով աջակցեցան Թուրքիոյ:


Աղբիւրին փոխանձմամբ, Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Սայտայի վաճառականները 10-50% զեղչեր յայտարարած են, ապրանքը թրքական լիրայով առնողներուն համար: