image

«Լիբանանեան ուժեր» նոր նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գայ

«Լիբանանեան  ուժեր»   նոր  նախաձեռնութեամբ   հանդէս կու գայ

Լոնտոն տպագրուող «Շարք ալ աուսաթ» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, որ կառավարութեան ստեղծման ուղղութեամբ քաղաքական քննարկումները կը շարունակուին, նպատակ ունենալով վերացնել այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ կառավարութեան ստեղծման համար, մանաւանդ քրիստոնէական ուժեր հանդիսացող «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան եւ «Ազատ ազգայիններ» շարժման միջեւ ստեղծուած լարուածութեան ծիրին մէջ:

 

Այս առթիւ ձեռնարկուած առաջին քայլը երկու քրիստոնեայ ուղղութիւններու միջեւ համերաշխութեան համաձայնութեան կնքումն էր, որ կը միտէր յառաջիկայ գործողութիւններու նախագիծ մշակել ու երկխօսութիւն կայացնել:

 

«Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան աղբիւրները, Աունի գլխաւորութեամբ կայացած հանդիպումները արդիւնաւէտ գնահատած են, նշելով, որ նախագահը շեշտած է քրիստոնէական ուժերու հաշտեցման անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորած այն, յիշեալ ուժերը պահպանելու եւ անկումէ փրկելու համար:

 

Փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, պիտի մեկնարկէ վերջին հանդիպման ընթացքին Ճահճահի կողմէ Աունին առաջարկուած նախագիծի գործարկումը, որ արդիւնք էր երկար բանակցութիւններու եւ քննարկումներու: