image

Լիբանանի համար տնտեսական աճի նոր նախագիծ. «Bloomberg»

Լիբանանի համար տնտեսական աճի նոր նախագիծ. «Bloomberg»

«Bloomberg» լրստուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Լիբանանի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ «McKinsey» ընկերութեան վստահուած նախագիծին:

Աղբիւրը նշած է, որ համաշխարհային ելեւմտային խորհրդատուութիւններու ընկերութիւնը Լիբանանի համար տնտեսական զարգացման նախագիծ մշակած է, որուն առաջարկած տարբերակներէն է դրամական միջոցներու եւ դրամատուներու տնօրինման կեդրոնի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ «Հնդկական կանեփ» կոչուող բոյսը որպէս դեղամիջոց օգտագործելը:

Լիբանանի Տնտեսութեան նախարարին համաձայն, ընկերութեան առաջարկած նախագիծը հազար էջէ բաղկացած է, եւ պիտի նպաստէ Լիբանանի խոշորագոյն խնդիրներէն մէկը՝ կաշառակերութեան հարցը, որուն արդիւնքով ալ մեծ զարգացում պիտի ապրի տնտեսութեան ոլորտը:

Նշուած է նաեւ, որ ընկերութեան կողմէ առաջարկուած նախագիծը ներկայացուած է նախագահ Աունին, որուն կողմէ հաստատուելէ ետք պէտք է հաստատուի նաեւ նոր ստեղծուելիք կառավարութեան կողմէ, նախքան ուժի մէջ մտնելը: