image

Մոնտիալի օրերուն ահաբեկչական գործողութիւն Մոսկուայի մէջ

Մոնտիալի օրերուն ահաբեկչական գործողութիւն Մոսկուայի մէջ

Շաբաթ երեկոյեան Մոսկուայի մէջ ինքնաշարժ մը խաղաղ քաղաքացիներու ուղղութեամբ ընթանալով 7 անձի մահուան պատճառ դարձած է:

«ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, յարձակում գործող ինքնաշարժը թաքսի էր, որ անցորդներու ուղղութեամբ յառաջանալով վթարի ենթարկած է զանոնք:

Աղբիւրը նշած է, որ նախքան Մոսկուայի մէջ կայացող Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մեկնարկը, բազմիցս կոչեր ուղղուած են զգուշանալու ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դառնալէ:

Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը յայտարարութեան համաձայն, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ինքնաշարժի վարորդը, որուն մօտ խըրխըզիստանեան վարորդական վկայական յայտնաբերուած է:

Ոստիկանութիւնը չէ բացառած նաեւ, որ ինքնաշարժը վարորդին կամքէն անկախ կրնայ վերահսկողութենէ դուրս եկած ըլլալ: