image

Ուաշինկթըն. Հրեայ ցուցարարներ դուրս կու գան Թրամբի որոշման դէմ

Ուաշինկթըն. Հրեայ ցուցարարներ դուրս կու գան Թրամբի որոշման դէմ

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հրեայ ցուցարարներ քաղաքի գլխաւոր փողոցներէն մէկը փակելով ընդդիմացած են ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու Թրամբի որոշման դէմ, միաժամանակ դատապարտելով Կազզայի ցուցարարերուն դէմ իրականացուող սպանութեան դէպքերը:

 

«Ռոյթըրզ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, «If not now» շարժման անդամ մօտ 100 հրեայ ցուցարարներ փողոց դուրս եկած են,  շուրջ երկու ժամ փակելով Սպիտակ Տունը Քոնկրէսին կապող ճանապարհը, կրկնելով «Դադրեցուցէ'ք բռնութիւնը» արտայայտութիւնը:

 

«If not now» շարժման անդամներուն խօսքով, անցեալ ամսուան ընթացքին ամրիկեան վեց քաղաքներու մէջ իրենց անդամներէն 37-ը ձերբակալուած է ցոյցերու ժամանակ: