image

Մոսկուա. Սուրիան պէտք է մնայ սուրիացիներուն

Մոսկուա. Սուրիան պէտք է մնայ սուրիացիներուն

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկդանով յայտարարած է, որ Ռուսաստանը վտանգուած կը տեսնէ սուրիական տարածքի միասնութիւնը եւ կոչ կ'ընէ որ լարուածութեան թուլացման տարածքները, որ կռիւը կասեցնելու համար եղած էր, այլ երկիրներու ազդեցութեան տարածքներ չըլլան: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ»ը:

Լրագրողնրէն մէկուն հարցին, թէ արդեօք Սուրիոյ մասնատման վտանգ կը տեսնէք, Պոկտանով պատասխանած է. «Իհարկէ, մենք կը տեսնենք այն»:

Պոկտանով նշած է նաեւ, որ բոլոր օտար կողմերը պէտք է հասկնան, որ Սուրիան, ի վերջոյ, պէտք է մնայ սուրիացիներուն, «ուստի շատ կարեւոր է, որ քաղաքական գործընթացը շարունակուի՝ Սոչիի եւ Ասադանէի մէջ Սուրիոյ տագնապի կողմերու միջեւ ձերգբերուած հիմքերու հիման վրայ»: