image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիան կը խօսի Սուրիական խնդրի «ամբողջական լուծման» մասին, սակայն առա՞նց Ասատի

Գերմանիան կը խօսի Սուրիական խնդրի «ամբողջական լուծման» մասին, սակայն առա՞նց Ասատի

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մասը երկուշաբթի յայտարարած է, որ սուրիական հակամարտութիւնը պէտք է բանակցային լուծում գտնէ, որուն մասնակցին տարածաշրջանի բոլոր ուժերը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ»:

 

Այս մասին ան խօսած էր Պրիւսքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան  անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ, իսկ լրագրողներուն այն հարցին, թէ արդեօք Ասատ պէտք է մաս կազմէ Սուրիոյ տագնապի լուծման, Մաս ըսած է. «Կարելի չէ պատկերցնել մէկը, որ իր ժողովուրդի դէմ քիմիական զէնք կը կիրառէ, կրնայ մաս կազմել այս գործընթացին»: