Ռուսաստանի Տումայի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ պատերազմի հետեւանքով խախտուած Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու համար 10-15 տարի կը պահանջուի եւ ոչ պակաս քան 400 միլիառ տոլարի ներդրումներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ԹԱԱՍ» գործակալութիւնը:
«Ենթակառուցուածքներու վերականգնումը կը կարօտի 400 միլիառ տոլարէն ոչ պակաս գումար ու 10-15 տարի ժամանակ»,- ըսած է Ասատը Սուրիոյ խորհրդարանի հետ կապերու Պետդումայի խումբի ղեկավար Տմիթրի Սապլինի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ասատը բարձր գնահատած է ԽՍՀՄ-ի մէջ արտադրուած զէնքի որակը, որու օգնութեամբ Սուրիոյ բանակը փորձած է հակադարձել ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հրթիռային հարուածը: «Երէկ մենք տեսանք ամերիկեան նախայարձակումը: Եւ մենք կարողացանք հակադարձել 70-ական թուականներու արտադրութեան խորհրդային հրթիռներով: 90-ական թուականներու ամերիկեան ֆիլմերու մէջ կը ցուցադրեն, որ ռուսական զէնքը «ետ մնացած է»: Իսկ այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ով է իսկապէս ետ մնացած»,- Սապլինը մեջբերած է Ասատի բառերը: