image

«Սուրիան պիտի վերականգնուի 15 տարիէն». Յայտարարեց նախագահ Պաշշար Ասատ

«Սուրիան պիտի վերականգնուի 15 տարիէն». Յայտարարեց նախագահ Պաշշար Ասատ

Ռուսաստանի Տումայի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ պատերազմի հետեւանքով խախտուած Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու համար 10-15 տարի կը պահանջուի եւ ոչ պակաս  քան 400 միլիառ տոլարի ներդրումներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ԹԱԱՍ» գործակալութիւնը:

«Ենթակառուցուածքներու վերականգնումը կը կարօտի 400 միլիառ տոլարէն ոչ պակաս գումար ու 10-15 տարի ժամանակ»,- ըսած է Ասատը Սուրիոյ խորհրդարանի հետ կապերու Պետդումայի խումբի ղեկավար Տմիթրի Սապլինի հետ հանդիպման ժամանակ:

Ասատը բարձր գնահատած է ԽՍՀՄ-ի մէջ արտադրուած զէնքի որակը, որու օգնութեամբ Սուրիոյ բանակը փորձած է հակադարձել ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հրթիռային հարուածը: «Երէկ մենք տեսանք ամերիկեան նախայարձակումը: Եւ մենք կարողացանք հակադարձել 70-ական թուականներու արտադրութեան խորհրդային հրթիռներով: 90-ական թուականներու ամերիկեան ֆիլմերու մէջ կը ցուցադրեն, որ ռուսական զէնքը «ետ մնացած է»: Իսկ այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ով է իսկապէս ետ մնացած»,- Սապլինը մեջբերած է Ասատի բառերը: