image

Նախագահ Ասատի իր ապարանքէն հեռանալու մասին լուրեր սուտ են. Al Diyar

Նախագահ Ասատի  իր ապարանքէն հեռանալու մասին լուրեր  սուտ են. Al Diyar

Հակառակ բարձրաստիճան սուրիացի սպաներու եւ պաշտօնեաներու բոլոր փորձերուն, որ Ասատ նախագահական պալատէն այլ անվտանգ վայր տեղափոխուի, նախագահ Ասատ մերժած է դուրս գալ իր նստավայրէն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ան շարունակած է այնտեղ մնալ իր ընտանիքի անդամներուն հետ:

 

Ասատ ըսած է, որ ինք պատրաստ չէ նոյնիսկ մէկ վայրկեանի համար   հեռանալ նախագահական պալատէն, «ինչքան ալ ռմբակոծմնան եւ հրթիռակոծման սպառնալիք հնչէ թշնամիի կողմէ»:

Յիշեցնենք, որ  աւելի  վաղ  իսրայէլեան աղբիւրներ լուրեր տարածած էին, որ  Ասատ նախագահական շարասիւնով հեռացած է «Թըշրին»ի ապարանքէն՝ ամերիկեան հաւանական հարուածներու թիրախ դառնալու մտավախութեան պատճառով: