image
Հրատապ լուրեր:

Ալլուշ կը սպառնայ «Եթէ Ասատ դարձեալ Ղութա այցելէ, գիտենք մեր ընելիքը»

Ալլուշ կը սպառնայ «Եթէ Ասատ դարձեալ Ղութա այցելէ, գիտենք մեր ընելիքը»

«Ճայշ Ալ-Իսլամ» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Մուհամմատ Ալլուշ յայտարարած է եւ քուրանին վրայ երդում տուած է, որ եթէ դարձեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ղութա այցելէ, նոյնիսկ եթէ իր ամբողջ ուժերը ոչնչացուելու սպառնալիքի տակ ըլլան, դուրս պիտի գայ եւ հարուածէ Ասատի շարասիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար»ը:

 

Աղբիւրին  համաձայն, Ալլուշ նաեւ ըսած է, որ իրենք բոլոր ճանապարհները կը հսկեն եւ եթէ պէտք ըլլայ, դուրս պիտի գան գետնուղներէն եւ «Թաու» հակաթանկային հրթիռներով պիտի հարուածեն Ասատի շարասիւնը:

 

Նշենք, որ «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ը  կը համարուի Արեւելեան Ղութայի ամենավայրագ ահաբեկչական խմբաւորումներէն մին: Այս խմբաւորման հիմնական նեցուկ կանգնող կը համարուի Սէուտական Արաբիան, որուն նիւթական աջակցութեամբ խմբաւորումը Թուրքիայէն տիրացած է արդիական հրթիռային համակարգերու: