image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական բանակը մահապատիժի պիտի ենթարկէ «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի հրամանատար Մուհամմատ Ալլուշին

Ռուսական բանակը մահապատիժի պիտի ենթարկէ «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի հրամանատար Մուհամմատ Ալլուշին

Ռուսաստանի նախագահ Փութին նկատել տուած է, որ ճիշդ է վերջնականապէս ջախջախել Արեւելեան Ղութայի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումները: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը  նշելով,  որ երէկ ռուսական օդուժը սկսած էր հարուածել «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի եւ «Ֆայլաք Ալ-Ռահմանի» կեդրոնները, պայթեցուցած էր բոլոր ջրային ամբարները եւ ելեկտրակայանները, ինչպէս նաեւ  հարուածած Տումա տանող  բոլոր ճանապարհները:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրի համաձայն, անոնք Դամասկոսը վերջնականապէս պիտի մաքրազերծեն ահաբեկիչերէն եւ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ պատերազմին վերջ տան:

Նախագահ Փութինի համար այլեւս ընդունելի չէ Դամասկոսի մէջ «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի գոյութիւնը եւ անոր ուժով դուրս պիտի մղէ՝ դէպի Իտլիպ, իսկ բանակի ղեավար Մուհամմատ Ալլուշը ողջ դուրս պիտի չգայ Արեւելեան Ղութայէն, այլ անոր պատերազմի յանցագործ ճանչնալով մահապատիժի պիտի ենթարկէ:

 

Յիշեցնենք, որ Դամասկոսի մերձ գտնուող Արեւելեան Ղութայի մէջ տեղակայուած  «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի զինեալներուն թիւը կը հասնի 15 հազարի ի, իսկ  «Ֆայլաք Ալ-Ռահման»  զինեալներուն   թիւը կը գերազանցէ 20հազարը: