image

Դամասկոս. Բախումներ սուրիական բանակի եւ «Տահէշ»ի միջեւ

Դամասկոս.  Բախումներ սուրիական բանակի եւ «Տահէշ»ի միջեւ

Մարդու Իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտարարած է, որ «Տահէշ» կազմակերպութեան կռուողները, որոնք կը վերահսկեն Դամասկոսի «Ալ-Քատամ Ալ-սաղիր» թաղամասին վրայ, գետնի վրայ ձեռքբերումներ գրանցեցին, սուրիական բանակի միաւորները դուրս մղելէն ետք:

 

Այս մասին հաղորդող «Ալ-Ժատիտ»ը նաեւ կը նշէ, որ դիտարանը յայտնած է, որ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը 24 ժամ շարունակուած բախումներու ընթացքին սպանած է 36 սուրիացի զինուոր, ինչպէս յայտնած է նաեւ «Reuters»ը:

 

Նշենք, որ «Ալ-Քատամ» թաղամասը կը գտնուի Սուրիոյ մայրաքաղաքի հարաւային մասը, պաղեստինցիներու «Եարմուք» գաղթակայանին մօտ, եւ ան մաս չէր կազմեր ամիսներէ ի վեր շարունակուող Սուրիական բանակի կողմէ Արեւելեան Ղութայի մէջ ընդդիմութեան վրայ յարձակումներուն: