image

Ահաբեկիչներ հրթիռներ նետած են Դամասկոսի վրայ. զոհերուն թիւը հասած է 35-ի

Ահաբեկիչներ հրթիռներ նետած են Դամասկոսի վրայ. զոհերուն թիւը հասած է 35-ի

Ահաբեկիչներ այսօր հարուածած են Դամասկոսի մէջ տարբեր մարդաշատ շրջանները: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ինկած են 35 զհեր եւ վիրաւորներու թիւը հասած 40-ի:

Միւս կողմէն սակայն, Սուրիական բանակը կը շարունակէր իր յառաջխաղացքը Ղութայի մէջ, ազատագրելով տարածաշրջանի մօտ 80 առ հարիւրը: Բանակը միաժամանակ կը փորձէ անվտանգ անցքեր ապահովել քաղաքացիներուն համար եւ անոնց տեղափոխել արժամեայ կացարաններու կեդրոններ՝ Դամասկոսի արուարձանին մէջ:

Ինչպէս կը յայտնէ Դամասկոսի հիւանդանոցի տնօրէնը, զոհերու եւ վիրաւորներու մեծամասնութիւնը հիմնական կիներ եւ երեխաներ են:

«ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումները երեքշաբթի առաւօտեան, ռազմական գործողութիւններ սկսած են Հազզէյի մէջ՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ, ապահովելէ ետք իր դիրքերը՝ Սաքպա եւ Քաֆար Պաթնա քաղաքներուն մէջ եւ տեղի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ հասցուցած է՝ Սուրիական Կարմիր Մահիկի հետ համագործակցութեամբ: