Իրանեան քաղաքացիական օդանաւը, որ ներքին թռիչք մը կը կատարէր, ջախջախուած ու ինկած է Ասֆահանի մօտ:
Այս մասին լրատուութիւնը կատարեց «Իրնա» րատուական գործակալութիւնը յայտնելով նաեւ, որ օդանաւին մէջ գտնուող 66 անձերը զոհուած են:
Նշենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ լրատուութիւն մը կատարելով յայտնած էր, թր Թեհրանէն դէպի Եասուճ թռիչք կատարող օդանաւը անյետացած էր երկրի օդային տարածքները հսկող ռատարներէն:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին օդանաւը ինկած է Քոհանկան անունով աւանի մը մէջ իր թռիչք առնելէն շուրջ ժամ մը ետք: