image

Ասատ օրերս Հալէ՞պ պիտի այցելէ

Ասատ օրերս Հալէ՞պ պիտի այցելէ

Հալէպի արուարձան Մունպուճի մէջ ԱՄՆ ուժերու տարածումը, ինչպէս նաեւ Աֆրինի մէջ թրքական եւ քրտական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը ստիպած է Սուրիոյ նախագահ Ասատին ճակատագրական որոշում կայացնել յառաջիկայ օրերու ընթացքին Հալէպ այցելելու:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ասատ ամբողջ գիշեր մը Հալէպ պիտի գտնուի, իսկ յաջորդ առաւօտ հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքի գլխաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ, պիտի հիւրընկալուի Հռոմէական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին ու համայնքի անդամներուն կողմէ:

Հակառակ այցելութենէն հրաժարելու համար Ասատը համոզելու բոլոր ջանքերուն, վերջինս կը պնդէ, որ Հալէպ այցելելով ասպարէզ պիտի կարդայ ԱՄՆ եւ թրքական ուժերուն: