image
Հրատապ լուրեր:

Ինչպէ՞ս կը վարուէր Հաֆէզ Ասատ իր թոռներուն հետ

Ինչպէ՞ս կը վարուէր Հաֆէզ Ասատ իր թոռներուն հետ

«Ալ Տիար» լրատուական կայքը անդրադարձած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի առօրեային ու թոռներուն հետ ունեցած իր կապին:

Աղբիւրին համաձայն, Ասատ իր աշխատանքային օրը կ'աւարտէր երեկոյեան ժամը հինգին, այնուհետեւ կը մեկնէր տուն, երկու ժամ կը հանգստանար, որպէսզի ժամը 7-էն մինչեւ գիշերուան 2-ը շարունակէր իր գործերով զբաղիլ:

Սակայն շատ յաճախ Ասատ աշխատանքային օրուայ աւարտին կը զանգէր իր դստեր՝ Պուշրային, խնդրելով իր ամուսնոյն ու զաւակներուն հետ այցելել հայրական տուն, որովհետեւ կարօտցած է իր թոռներուն:

Այցելութեան ընթացքին Հաֆէզ Ասատ իր թոռներուն հետ կը զրուցէր, խրատներ կու տար, իսկ հրաժեշտի պահուն Պուշրա կը համբուրէր հօր դէմքն ու ձեռքը, մինչդեռ ամուսինը՝ Ասէֆ Շաուքաթ զինուորական ողջոյնով հրաժեշտ կու տար աներոջ:

Դրան մօտ հասնելով Պուշրա հօրմէն կը խնդրէր մինչեւ վերելակին մօտ դուրս չգալ, սակայն վերջինիս պատասխանը կ'ըլլար. «Ես քեզ ու ամուսինդ կը յարգեմ, սակայն կ'ուզեմ մինչեւ վերելակ ուղեկցիլ թոռներուս, վերելակին դուրը փակել անոնց ետեւէն, որպէսզի անոնք իմանան, թէ մեծ հայրը զիրենք կը յարգէ, հետեւաբար իրենք եւս կը սորվին ձեզ ու իրենց դասընկերները յարգել: Այս փոխադարձ յարգանքն է, որ կ'ուզեմ սորվին թոռներս»: