image

Վեց տարի անց՝ Սուրիա վերստին կը մասնակցի եւրոպական ցուցահանդէսներու

Վեց տարի անց՝ Սուրիա վերստին կը մասնակցի եւրոպական ցուցահանդէսներու

Սուրիա 6 տարիներու դադարէ ետք կրկին կը վերադառնայ միջազգային դաշտ, իր մասնակցութիւնը բերելով Մատրիտի մէջ մեկնարկած զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին կը յայտնէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ցուցահնդէսի մասնակցութիւնը մէկն է Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան 2018 թուականի համար նախատեսուած միջոցառումներէն, որուն նպատակն է Սուրիոյ գեղեցկութիւնն ու կենսունակութիւնը ի ցոյց դնել աշխարհին, եւ աստիճանաբար միջազգային շուկայ վերադառնալ:

Նշենք, որ Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ անցեալ շաբաթ մեկնարկած ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 165 երկրէ ժամանած աւելի քան 10 հազար ընկերութիւն: