image

Եգիպտոսի Մշակոյթի առաջին կին նախարարը ֆլիւթահար է

Եգիպտոսի Մշակոյթի առաջին կին նախարարը ֆլիւթահար է

Դոկտ. Ինաս Ապտ Ալ Տայէմ Եգիպտոսի ամէնէն յայտնի ֆլիւթահարն է, որ նշանաւոր դարձած է «Իսլամ Եղբայրներ» խմբաւորման դէմ մղած իր բուռն պայքարով, որուն արդիւնքով վերջիններուս համակիր նախկին Մշակոյթի նախարարին կողմէ հեռացուած էր օփերայէն:

57-ամեայ Ինաս Ապտ Ալ Տայէմ Եգիպտոսի Մշակոյթի առաջին կին նախարարն է: Ան աւարտած է Գահիրէի երաժշտական բարձրագոյն ուսումնարանը, այնուհետեւ նոյն ուսումնարանի ֆլիւթի բաժնի դասախօս նշանակուած է: Մեկնելով Փարիզ շարունակած է ուսումն ու ստացած դոկտորական աստիճան: