image

Սուրիոյ բանակը Հալէպի հարաւ-արեւելեան արուարձանը ազատագրելու շեմին է

Սուրիոյ բանակը Հալէպի հարաւ-արեւելեան արուարձանը ազատագրելու շեմին է

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով Սուրիոյ բանակի հրամանատարներէն մէկուն խօսքերը, նշած է, որ բանակը շարունակելով յառաջանալ Հալէպի հարաւ-արեւելեան արուարձանին մէջ յաջողած է ազատագրել շարք մը գիւղեր ու աւաններ:

Աղբիւրին համաձայն, յիշեալ աւաններու եւ գիւղերու ազատագրմամբ Խանասէրէն մինչեւ Ալ Տաման բլուրն ու Ալ Արպաաին լեռը հասնող ճամբան կ'անցնի Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ:

Նշենք, որ ընդամէնը օրեր առաջ Սուրիոյ բանակը ազատագրած ու իր տիրապետութեան տակ առաջ էր Իտլիպի Ապու Ալ Զուհուր ռազմական օդակայանը, որ նոյնպէս կը կարեւորուի իր ռազմական նշանակութեամբ ու դիրքով: