image

Ռիատի Ապտալլա գահակալը, Քազաֆին եւ նոր մանրամասնութիւններ անոր դէմ եղած մահափորձին մասին

Ռիատի Ապտալլա գահակալը, Քազաֆին եւ նոր մանրամասնութիւններ անոր դէմ եղած մահափորձին մասին

Լիպիացի նախկին դիւանագէտ Ալ Ուճայլի Պրինի յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ նախկին գահակալ Ապտալլա Պըն Ապտ Ալ Ազիզի մահափորձին մէջ Լիպիոյ նախկին նախագահ Քազզաֆի մասնակից կողմ չի հանդիսանար, սակայն միաժամանակ բացառելի չէ, որ ան տեղեակ էր ծրագրուող գործողութեան մասին:

Սէուտական «Ուքազ» թերթի հետ զրոյցի ընթացքին Պրինի պատասխանելով այն հարցին, թէ ո՞վ էր այդ մահափորձին մասին պատմող տեսագրութիւններու բացայայտման ետին կանգնողը, նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ Քազզաֆի ու Լիպիոյ հետախուզական ծառայութիւններն էին տեսագրութիւնները բացայայտողները, որովհետեւ այդ օրերուն անոնք Լիպիոյ հետախուզական ծառայութեան եւ  բանակի հրամանատարութեան կողմէ 43 միլիոնի դիմաց Քաթարին վաճառուեցան: Նման արարքը լիպիացի դիւանագէտը մեկնաբանած է անով, որ Քազզաֆի այդ օրերուն հմայուած էր Քաթարի իշխանութիւններով:

Զրոյցի ընթացքին Պրինի յայտնած է նաեւ, որ 2011 թուականին Քազզաֆի իրեն խնդրած է Սպանիոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին իր նամակը փոխանցել, որուն մէջ կ'ըսուէր, թէ Իրան ու Քաթար կը ծրագրեն Արաբական թերակղզիին տիրանալու, միաժամանակ դեսպանին զգուշացնելով իր երկրին սպառնացող վտանգէն ու շեշտելով, որ պէտք է համապատասխան գործողութիւններ նախաձեռնեն: