Սուրիական բանակը յաջողած է ազատագրել Դամասկոսի հարաւ-արեւմտեան արուարձանին մէջ գտնուող, ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Շիհապ բլուրը, եւ շրջանը մաքրած է «Ալ Նուսրա» խմբաւորման բոլոր զինեալներէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սանա» լրատուական կայքը:
Ըստ աղբիւրին, ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեծ թիւով «Ալ Նուսրա»ի զինեալներ սպաննուած են, որոնց թուին է «Ալ Նուսրա»ի Ալ Հարամոն շրջանի ռազմական հրամանատար Ապու Հուզայֆան, որ ծանօթ է «Քոնան» կեղծանուամբ, ինչպէս նաեւ խմբաւորման այլ ղեկավարներ:
Նշուած է, որ Շիհապ բլուրի ազատագրմամբ «Ալ Նուսրա» շարժման զինեալներու խոշորագոյն հաւաքավայր տանող ճամբան կտրուած է: